ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԵՐԳ
Ամրան շրջանին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Մենք երգ ենք» համերգաշարը երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն վերջ, ծրագրի հերթական փուլը կեանքի կոչուեցաւ Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն առթեց տեղւոյն հայութեան։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որու կողքին էր Սեւան Աթաօղլու։ Այս վերջինը, ծանօթ է, որ կը համակարգէ այս նախագիծը։
Հիւրընկալ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Եասմին Եաղլեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ երեկոյթը, որ Ս. Աստուածածնի տօնին ձօնուած էր։ Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկան՝ Նորա Յակոբեան, Անի Էրտողան, Նորա Ճանիկեան, Մաթիաս Շիրինկիլ եւ Լիլիան Աւիթօղլու։ Բոլորն ալ ծափահարութիւններու արժանացան դաշնամուրի կատարումներով։ Ներկաներուն համար հաճելի էր նաեւ ունկնդրել՝ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Կարէն Սրկ. Համամճեանի մեներգը։
Փակման փուլին արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ու միասնական աղօթքէ վերջ բոլորը արձակուեցան։