ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՆԵԼ
Մարդուս մարմնական - տկար աչքը առաքինութիւնը տեսնել կը կարծէ, բայց միա՛յն՝ կեղծ ու կարծեցեալ առաքինութիւնը։ Մարդ երբ ինքն իրմով հպարտ է, այդ կը նշանակէ, որ ինքզինք լաւ կամ բարձր վիճակի մէջ կը զգայ։ Եւ երբ մարդ ինքն իրմով կը հպարտանայ, պէտք է պահ մը փոխէ իր վիճակը անոր հետ՝ զոր կ՚անարգէ, արդար դատողութեամբ՝ թերեւս իր կարծածէն աւելի վա՛տ պիտի զգայ ինքզինք, քան իր դիմացինը։
Մարդ յաճախ քննելու է ինքզինք՝ անդրադառնալու իր իսկ ներաշխարհին եւ կշիռի տակ առնէ իր «Ես»ը եւ արդար ըլլայ թէ՛ ինք իրեն դէմ եւ թէ շուրջիններուն։
Արդարեւ մարդուս ճշմարիտ «մեծութիւն»ը կարելի չէ չափել իր իսկ ուժերով, քանի որ ան ո՛չինչ է եւ ո՛չինչ կը գտնէ նուաստ բաներու մէջ։ Ուստի իրական «մեծութիւն»ը կարելի է որոշել միայն Աստուծոյ ներկայութեամբ։ Առանց Աստուծոյ կարելի չէ չափել մարդուն «մեծութիւն»ը, եւ եթէ Աստուծոյ ներկայութիւնը անտեսուի, մարդ ինքզինք միշտ «մեծ» եւ իր գործերը «մեծութիւն» պիտի համարէ, այդպէս պիտի կարծէ՜…։ Ուրեմն մարդուն մեծութեան, առաքինութեան ստուգանիշը Աստուա՛ծ է՝ մարդուն Արարիչը, Նախախնամը եւ Վախճանը։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, պիտի տեսնէք տեսակ-տեսակ մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք «մեծ» ու «կարեւոր» կը համարեն, անոնք իրենց կարծիքով «անփոխարինելի» են, եթէ բացակային, եթէ իրենց մասնակցութիւնը չբերեն հասարակային կեանքին, կարծես աշխարհ անշարժութեան պիտի մատնուի, կարծես առանց իրենց ամէն շարժում, ամէն աշխատանք, ամէն գործունէութիւն կանգ պիտի առնէ…։ Ի՜նչ խեղճ են անոնք՝ որ այդպէս կը խորհին, կարծես ամբողջ մարդկութեան գոյապահպանումը եւ գոյատեւութիւնը իրենցմէ կախում ունենար։ Մարդկութիւնը երբ դարերէ՜ ի վեր գոյութիւն ունեցեր է եւ մինչեւ մեր օրերը հասեր է, տեւականացեր է, այնպէս խորհողներ եւ այդպէս կարծողներ ո՞ւր էին, միշտ կայի՞ն, որ մարդկութիւնը իրենց շնորհիւ իր գոյութիւնը ապահովեց ու գոյատեւեց։ Ինքնախաբէութի՜ւն, բայց մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՜րբ…։ Մա՛րդ անփոխարինելի չէ՛։
Երբ մարդու մասին է խօսքը, կան մարդիկ, որոնք իրարու կը կապուին՝ սիրտով, կան ոմանք որ կը կապուին միտքով։ Բնական է այս. մարդիկ համաձայն, եւ կամ համախորհուրդ կ՚ըլլան, համակամ կամ համամիտ՝ զիրար կը սիրեն եւ կամ կը համակրին։
Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնք ստամոքսով կապուած են մէկ ուրիշին, իրենց շահն է որ կը կապէ զիրենք, եւ ո՛վ որ իրենց շահը ապահովէ, այսինքն ո՛վ որ իրենց ստամոքսը լեցնէ՝ անոր կը կապուին, ո՛չ միտքով, ո՛չ սիրտով եւ միա՛յն ստամոքսով։ Եւ կարծեմ ամենէն վտանգաւոր մարդիկը անոնք են՝ յարափոփոխ եւ անվստահելի՛։ Անոնց կապը ուրիշներու հետ՝ ո՛չ միտք է եւ ոչ ալ սիրտ, ո՛չ գաղափար, մտածում եւ ոչ ալ սէր եւ հաւատարմութիւն։ Անոնք միայն կը խորհին, եթէ «խորհիլ» կարելի է ըսել, միա՛յն իրենց ստամոքսին մասին, իրենց շահուն մասին, իրենց «Ես»ին մասին։
Ի՞նչ կարելի է անուանել այդպիսիները։
Շահամո՞լ, եսասէ՞ր, ինքնամո՞լ…։ Թող ներուի մեզի, մենք պիտի կոչենք զիրենք գերի՛ իրենց «Ես»ին, ստրուկներ, որոնք միայն կը ծառայեն իրենց անյագ ստամոքսին եւ անկաշկանդ կիրքերուն։
Եւ կաշառել ո՜րքան դիւրին է անյագ մարդը, որ ի վերջոյ վտանգ կը սպառնայ բոլոր մարդկութեան։
Միտք, գաղափար, սկզբունք, սէր, գութ, հաւատարմութիւն, այս բոլորը անծանօթ արժէքներ են ստամոքսի միջոցով ուրիշներու կապուողներուն համար։ Անոնք, «շուկայական» ասացուածքով, կարճ խօսքով, միշտ պատրա՛ստ են «ծախել»ու ամէն արժէք, ամէն վեհութիւն ու բարձրութիւն՝ ի շահ իրենց անյագ ստամոքսին։ Անոնք օր մը հաւատարիմ են եւ խնկարկու՝ շողոքորթ անոր, որ կը լեցնէ իրենց անյագ ստամոքսը, բայց նաեւ ապերախտ եւ ուրացող նոյն անձին, որ պատճառով մը, ակամայ կը թերանայ իր հոգածութեան մէջ։ Իրենց ուրիշներու հետ ունեցած կապը միա՛յն շահու չափանիշներու վրայ հաստատուած է։
Անոնք կ՚ապրին միայն իրենց համար եւ կեանքի միակ շարժառիթն է «ստամոքս»ը՝ անձնական, սեփական շահը, օգուտը։ Եւ անոնք «մեծ» կը համարուին իրենց «փոքրութեամբ»ը։ Ի՜նչ հակադրական, ցաւալի իրողութիւն, որ շատ անգամ յարգ ու պատիւ կը ստանան անոնք, անուանուելով «ապրուստը քարէն հանող կամ շահող ճարպիկ մարդ»։
Մինչդեռ ճարպիկ մարդը այն է, որ գիտէ լաւ ու առողջ յարաբերութիւններ մշակել իր նմաններուն հետ. այն որ արժէք կու տայ մարդկային արժանապատուութեան, եւ գիտէ յարգել եւ նաեւ յարգուիլ իբրեւ մա՛րդ։
Կ՚ըսուի, թէ ամենածանր ստրկութիւնը մարդկային արժանապատուութեան ոտնակոխ ըլլալն է. ո՛րքան իրաւացի է, ո՜րքան ճշմարիտ այդ մտածումը, քանի որ մարդուս ամենամեծ արժանիքը, պատիւը, փառքը՝ արժանապատուութի՛ւնն է։ Իսկ եթէ մարդ առիթ տայ, որ ոտնակոխ ըլլայ այն, ապա ուրեմն ստրկութեան ամենէն անտանելիին մատնուած կ՚ըլլայ։
Մարդ եթէ պատրա՛ստ է ստամոքսին համեմատ շարժելու, իր անյագ կիրքերուն ազդեցութեամբ վարուելու իր շուրջիններուն հետ, ապա ուրեմն ընդունած է բարոյապէս յանձնուիլ եւ հոգեպէս ստրուկ դառնալ, որքան ալ ան ինքզինք «մեծ» կ՚արծէ…։
Մարդ, աշխարհի վրայ միակ արարծն է, որ իր ապրած աշխարհը կը պղծէ։ Եւ դարձեալ ան միակ էակն է՝ որ իր իսկ շահուն համար թէ՛ ինքնիրեն եւ թէ շուրջիններուն վնաս կը պատճառէ։
Եւ նոյն մա՛րդն է, որ իր կիրքերուն գերին դառնալով ապստամբութեան առաջին դրօշակը պարզեց՝ Աստուծոյ դէմ ելլելով, ան-հընազանդութեամբ, անհաւատարմութեամբ եւ ապերախտութեամբ։
Մարդը ինքզինք «մեծ» կարծելով՝ փոքրացաւ, ինկաւ եւ գերին եղաւ չարին։ Կարծեցեալ «մեծութիւն»ը իր փոխադարձը կը գտնէ ճշմարիտ «փոքրութեամբ», քանի որ միայն կը վիրաւորէ եւ կ՚անարգէ այդ կերպով «ներքին մարդ»ը, կը ստորնանայ եւ կը հասնի նուաստ ստրկութեան։
Ուրեմն մեծամտութեան դէմ դեղատոմսն է՝ «ինքնաճանաչում» եւ վերադարձ Աստուծոյ, քանի որ միակ «Մեծ»ը Ան է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 29, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024