ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳՈՐԳԵՐԸ
Գորգագործութիւնը արուեստի աւանդական տեսակ մըն է՝ տարածուած Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բայց Ղարաբաղի գորգերը իրենց իւրայատկութեան եւ ճանչցուած ըլլալու պատճառով կը զանազանուին մնացեալներէն:
Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ կարպետներն ու գորգերը վաճառքի համար չէին պատրաստուեր, անոնք կը համարուէին կենցաղային իրեր եւ ընտանեկան մասունքներ, բայց ոչ՝ ապրանք: Գորգը տունէն դուրս հանելը կը համարուէր վատ նախանշան: Մասունք համարուող գորգերը պաշտպանական նշանակութիւն ունէին եւ յաճախ բերրիութիւն կը խորհրդանշէին: Գորգը հանդիսացած է լաւագոյն եւ թանկագին նուէր բարեկամներուն, ընկերներուն, նոյնիսկ՝ դրացի երկիրներու թագաւորներուն նուիրելու համար:
Արցախի գորգերը իրենց նախշերով ծանօթ են որպէս «Վիշապագորգեր», «Օձագորգեր», «Արեւագորգեր», «Արծուագորգեր» եւ այլն…
Երկար տարիներ ատրպէյճանցի գորգահաւաքներ Արցախի գիւղերէն հաւաքած են հին՝ հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող գորգերը, որոնք ներկայիս ցուցադրուած են Պաքուի թանգարաններուն մէջ՝ որպէս «ատրպէյճանական հին գորգեր»:
19-րդ եւ 20-րդ դարերուն Շուշիի գորգերը որպէս լաւագոյնները ճանչցուած էին շրջանին մէջ եւ կը վաճառուէին հարեւան քաղաքներուն մէջ:
Այսօր ձեռագործ կարպետներն ու գորգերը կ՚արտադրուի ոչ միայն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի, այլեւ շրջակայ գիւղերուն, մասնաւորապէս Ծաղկաշատ գիւղի ազգագրական թաղամասին մէջ գտնուող Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին մէջ: Հիմնական գոյները, որոնք կ՚օգտագործուին ղարաբաղեան գորգերու պատրաստութեան մէջ կարմիրի, կապոյտի եւ շագանակագոյնի մութ երանգներն են: