ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան նա­խա­գա­հեց Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կո­ւան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Պար­թեւ Վրդ. Բար­սե­ղեան։ Քա­րո­զեց Տ. Ռու­բէն Վրդ. Զար­գա­րեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Սա­մա­թոյ քա­րո­զիչ եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ խոր-հըր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ սե­ղան մը սար­քուե­ցաւ ի պա­տիւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեա­նի եւ Հայր Սուր­բե­րուն։ Ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տով ճաշ­կե­րոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեա­նի, Տ. Պար­թեւ Վրդ. Բար­սե­ղեա­նի եւ Տ. Ռու­բէն Վրդ. Զար­գա­րեա­նի Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ՝ ան ընդգ­ծեց, թէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը միշտ սերտ կա­պեր ու­նե­ցած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հետ եւ դա­րե­րէ ի վեր հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ ա­նոր։

Իր կար­գին, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւնն ալ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Իս­թան­պու­լի մէջ գտնուե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ ու շեշ­տեց, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ բարձր կը գնա­հա­տեն պոլ­սա­հա­յու­թեան ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թիւ­նը ու խոր հա­ւատ­քը։

Հարկ է նշել, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այ­սօր ե­րե­կո­յեան քա­ղա­քէս հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ՝ Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016