Եկեղեցական

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։

ՊԱՀՔԸ ԽԱՂԱՂ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ Է

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:
Մեր Հաւատքի Հայր եւ Երկրորդ Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը, այսպէս կը գրէ. «Պահքը ախտերու ծովածուփ ալիքին դէմ խաղաղ նաւահանգիստ մըն է եւ ամէն վտանգէ ազատ պահելով՝ կեանքի նաւահանգիստ կը հասցնէ»:

Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսանիններորդ օրն է:
Շատեր կրնան հարցնել, թէ ի՞նչ է պահեցողութեան նպատակը: Այս հարցումը ո՛չ միայն պահքին կասկածամտութեամբ մօտեցողները, կամ ընդհանրապէս պահքը չընդունողները կու տան, այլ առաւել եւս, պահեցողները, մանաւանդ անոնք, որոնք քայլ առ քայլ կը սկսին աճիլ հոգեւոր կեանքին մէջ:

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓՈՐՁԵՐ

Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսանեօթներորդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ.-ի մէկ գրութիւնը, ուր հայրապետը տասը կէտերու մէջ ճիշդ պահեցողութեան քայլեր կ՚առաջարկէ պահք պահողներուն համար: 

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան:

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսանվեցերորդ օրն է:
«Սուրբ պահեցողութեան ճամբորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։ 

Էջեր