ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրն է, եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրն է, եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս տօնախմբեց Ծաղկազարդը. այսօր՝ Աւագ շաբաթը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ մանուկներու օրհնութեան կարգ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն ճոխ ու ծանրաբեռնուած շաբաթներէն մին, ինչ բանի պատճառով ալ ամբողջ շաբաթը անուանուած է ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, այսինքն՝ տարուան բոլոր շաբաթներուն մէջ ամենէն աւագը, ամենէն կարեւորը:
Ծաղկազարդի առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տօնին առթիւ պատարագեց առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Ծաղկազարդի առթիւ երէկ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան քարոզը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծաղկազարդ է այսօր։ Այսօր տօնական օր է, քանի որ այլեւս վերջացած է Աղուհացքը՝ բուն անունը Մեծ պահքին։ Վարագուրուած Ս. Սեղանները բացուած են։ Թէեւ Մեծ պահքը իր փակուած վարագոյրով իսկութեան մէջ տրտմութիւն կը բուրէ, սակայն այս նուիրական շրջանը, ըլլալով ապաշխարութեան շրջան, խորքին մէջ կը յայտնուի հոգեւոր ուրախութիւն առթող իր ճշմարտութեամբ, որ աւետիսի հանգամանքով կը հասնի բոլորիս, որով Աստուած կը խօսի ըսելով. «Ես կենդանի եմ, որ ամբարիշտին մեռնիլը չես ուզեր, հապա որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ, 33.11)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծաղկազարդը նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:
Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46):
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ դէպի Հռոմկլայ նախատեսուած ուխտագնացութեան շուրջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քառասուներորդ օրն է:
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն Անպա Ռաֆայէլի մէկ կարճ գրութիւնը, որ «Մեծ պահքի կարիքները» խորագիրը կը կրէ:
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար տքթ. Ճերի Փիլէյը։