Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արցախի թեմական խորհուրդի անդամներն ու Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի արարողութիւն մը։ Այսպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան ստացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան տասն աստիճանները։

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Պուշ-տիւ-Ռոն տեփարթմանի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻՆ ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին տեղի ունեցան հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Քաղաքի Ասիական ափի ծայրամասի այս սրբատեղիին մէջ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ - ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդողը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով:

ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ս. Զատկի Մեռելոցը այս տարի բնորոշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կիսանդրիի բացումով։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կանգնեցուած կիսանդրին գործն է քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի։

ՍՔԱՆՉԵԼԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՒԵՏԻՍ

Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի՝ տաղաւարի հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը մագնիսացուց աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով եւ հոգենորոգ զգացումներով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը, որ եկաւ յոյսի ճամբուն վրայ ամրապնդել հաւատացեալները:

Էջեր