ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան անցեալ կիրակի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղ, ուր Երկրորդ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան անցեալ կիրակի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղ, ուր Երկրորդ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ինսպուրկի (Աւստրիա) թեմի առաջնորդ Հերման Եպսկ. Կլեթթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին «Քարիթաս Աւստրիա» եւ «Հայկական Քարիթաս» կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի 1441 թուականին Սիս քաղաքէն վերջնականօրէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին գումարուեցաւ տարեկան պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ 97-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Արիզոնայի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի ներքին կացութեան շուրջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին միջեւ երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քաղաքիս շարք մը քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Ս. Զատկի առթիւ։ Հարկ է նշել, որ ուղղափառ աշխարհը անցեալ շաբաթավերջին նշեց Ս. Յարութեան տօնը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Շուէտի եկեղեցւոյ Վեսթերիսի Եպիսկոպոս Միքայէլ Մոկրէնը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ներկայիս հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած են։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իրանի Իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մուհամմէտ Մեհտի Իմանիփուրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երէկ յուզումի մատնուեցաւ՝ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի կորուստով։ Ան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց այն հիւանդանոցին մէջ, ուր արդէն խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր։