Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՔԱՐԻԹԱՍ ԳԵՐՄԱՆԻԱ»Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը գլխաւորեց «Քարիթաս»ի միջազգային գրասենեակի դրամաշնորհներու գլխաւոր պատասխանատու Անտրէաս Պրենտեր։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ նշանակուեցան նոր պաշտօններու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս նշանակումներուն կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։

ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԵԼՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԾԱՌԱՅԵՑՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԿԱԼՄԱՆ ՁԵՒԱԽԵՂՄԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովը կը պատրաստուի փոփոխութեան ենթարկել՝ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքէ ներս բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքէ ներս համերաշխութեան վերականգնման մասին օրէնքը։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ՝ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած ներկայ շրջանին շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԱԼԻԱ

Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա, ուր տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Իրեն կ՚ընկերանար Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ։ Վերջերս Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին արժեւորուած են Տաւուշի մարզէն Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնելու վերաբերեալ լուրերը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Երկրի Կրաց-Սեքաուի թեմի առաջնորդ Վիլհելմ Քրաուտվաշլի Եպիսկոպոսին կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։

Էջեր