ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն յաջորդած սիրոյ սեղանին ժամանակ նշուեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռնադրութեան տասնամեակը։ Ան այս փուլին հատեց տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակը։ Միեւնոյն ժամանակ, այսօր անուանակոչութեան օրն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ վերջերս այցելեց Պրիւքսէլ, կեցութեան օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պելժիոյ, Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մետրապոլիտ Աթենակորասի հետ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը տեղեկացուց, որ իր դիմագրաւած կալուածական հարցերուն վերաբերեալ՝ փետրուարի 24-ին նախատեսուած դատական նիստը տեղի չէ ունեցած անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ալֆոնսօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որուն ընկերացաւ իր առաջին քարտուղարը՝ Հ. Նիքոլա տի Պոնզոյի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երեք միաբան երէկ եպիսկոպոսական օծում ստացան Անթիլիասի մէջ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յընթացս Ս. Պատարագի եպիսկոպոս ձեռնադրեց Տ. Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը, Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը, Տ. Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեանը։