Եկեղեցական

Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՎԱՂԸ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ ՕՇԱԿԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՄԱՐՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վաղը վարդապետական գաւազան պիտի ստանայ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պատմական վանքի կամարներուն ներքեւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուի՝ ընկերանալով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի տասնմէկերորդ օրն է:
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի մէկ ուսուցումը՝ պահեցողութեան ինչութեան մասին: Մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: 

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԱԹԵՒ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԱԹՈՒԼԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ի Տէր հանգած է Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները ցաւով հաղորդեցին տէր հօր վախճանը՝ ընդգծելով, որ այս տարի պիտի լրանար իր հոգեւոր ծառայութեան 50-ամեակը։

ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի տասներորդ օրն է:
Երէկ խօսեցանք Տէր Յիսուսի ծոմապահութեան մասին, ապա եկեղեցւոյ հայրերէն հատուածներ մէջբերեցինք այդ ուղղութեամբ: Այսօր, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի բացատրութիւնները այս մասին:

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈԻՏ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով՝ Վատիկանի Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու քահանայապետական գրասենեակի ղեկավար կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթի Հայաստան կ՚այցելէ: Մայր տաճարի օծումը օրակարգի վրայ:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ Հայաստան։ 

ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի ութերորդ օրն է:
Համատեսական Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեան շրջան մը անցուց, որու աւարտին փորձութեան ենթարկուեցաւ (Մտ 4.1-11: Մր 1.12-13: Ղկ 4.1-13):

Էջեր