ՆՈՐԱՕԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երեք միաբան երէկ եպիսկոպոսական օծում ստացան Անթիլիասի մէջ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յընթացս Ս. Պատարագի եպիսկոպոս ձեռնադրեց Տ. Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը, Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը, Տ. Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի սարքել մամլոյ ասուլիս մը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած ծանր անարդարութեան դիմաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ահազանգ հնչեցուց ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չի մարսեր իր ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ ձեռնարկուած անակնկալ յափշտակութեան քայլը:
Երուսաղէմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կը դատապարտեն Հայոց Պատրիարքութեան կալուածի բռնագրաւման անարդար որոշումը եւ անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ, ծանրածանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւել։ Գոյաբանական բնոյթով, նոյնաժամանակ ու մէկէ աւելի այդ հիմնախնդիրները Սուրբ Աթոռի երկինքին վրայ կուտակուած են՝ մինչ համայն հայութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն ու կը ջանայ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ու սաղիմահայ փոքրաթիւ համայնքին զօրակցիլ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնք առիթ դարձան հոգեւոր հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գերագին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ։