Եկեղեցական

ՊԱՅԾԱՌԱՓԱՅԼ ԱՍՏՂԸ…

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդի տօնը: Տարուան առաջին տաղաւարին Հայրապետական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ հիմանորոգեալ Միածնաէջ Մայր տաճարի կամարներուն ներքեւ, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհասփիւռ հօտին փոխանցեց պատգամը:
«Այ­սօր մեր եր­կի­րը խռո­վա­յոյզ է։ Չենք կրնար ծա­ռա­յել հա­մընդ­հա­նուր բա­րի­քին՝ տրուե­լով փա­ռա­սի­րու­թեանն ու իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան եւ ա­ռաջ­նայ­նու­թիւն տա­լով սե­փա­կան շա­հե­րուն»:

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան լուսաշող տօնին, համախմբուած մեր սուրբ եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ, կը փառաբանենք Բարձրեալ Աստուած, որ մարդկութեան հանդեպ անհուն սիրով ու ողորմութեամբ ուղարկեց Իր Միածին Որդին՝ ազատելու մարդ արարածը մեղքէ եւ մահուան կապանքներէ։

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ՜

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ Խորենացիին գողտրիկ երգը կը հնչէ մեր ականջներուն. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՜, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»։
Արդարեւ, ասիկա Յաւիտենական Մանուկին ծննդեան աւետիսն է, որ պիտի շարունակէ հնչել դա՜րէ դար։ Խորհուրդ մըն է Յաւիտենական Մանուկին ծնունդը։

ՑՆԾԱՑԷՔ ԵՐԿԻՆՔ ԵՒ ԵՐԿԻՐ

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Աշխարհասփիւռ հայ քրիստոնեաներս այս բառերով Քրիստոսի ծննդեան փառքը կ՚երգենք: Ի՜նչ հզօր խօսքեր, որոնք մեզի կը յուշեն, թէ ինչպէս երկինք ու երկիր պայծառացան մեր Տիրոջ ծնունդով՝ եւ ցնծութեան աւետիսով յորդեցան:

Ս. ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին կը մէկտեղուի Ս. Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԱՍՏԻՃԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՉՈՐՍ ՈՒՐԱՐԱԿԻՐԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագին նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ տարւոյն առաջին պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։

ԱՄԱՆՈՐԻ ԿԷՍԳԻՇԵՐԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ամանորի կէսգիշերին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական արարողութիւն մը, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հոգեւոր ապրումներուն տեսակէտէ յատկանշական էր։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կէսգիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց Ամանորի իր պատգամը։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը հրատարակենք Վեհափառ Հայրապետի՝ աշխարհասփիւռ հօտին ուղղեալ Նոր տարւոյ պատգամը։

Էջեր