ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան երախտաշատ հարազատներուն։
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան երախտաշատ հարազատներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան այցելեց Էլազըղ, ուր տեսակցեցաւ տեղաբնակ հայերուն հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայիս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։
Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի ութօրէքին՝ Տէր Յիսուսի Անուանակոչութեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոսը անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Սուրբ Յարութեան տաճար:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ արարողութիւն:
Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին ուղղեալ սպառնալիքները ուշադրութեան կ՚արժանանան նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը իրաւական միջոցներու դիմած է՝ յետս կոչելու համար «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանին, որու կորուստը ներկայ տարեմուտին խոր ցաւ յառաջացուցած էր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էրվէ Մակրոն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով տօնեց Ս. Ծնունդը՝ վերանորոգ հոգեւոր հրճուանքով իր հաւատացեալներուն փոխանցելով տաղաւարի աւետիսը:
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագն ու յաջորդած մեծահանդէս Ջրօրհնէքը մագնիսացուցին աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը՝ բոլորը համակելով համազգային միասնականութեան ոգիով եւ Բեթղեհէմի այրէն ճառագած փրկութեան լոյսի խորհուրդով:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատգամը իր աշխարհասփիւռ հօտին. «Մեր սրտերը դարձնենք Քրիստոսի ներկայութեամբ լուսաւորուած մսուրներ, ուր մանուկ Յիսուսին աստուածահաճոյ գործեր ընծայելու մղումն ու ձգտումը կը թագաւորեն։ Ամէնուրեք դառնանք բարիի, սիրոյ եւ ճշմարիտի առաջամարտիկներ՝ յանուն արդար ու լուսաւոր մեր կեանքի»: