ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկ պապական նուիրակ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շարունակեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանունութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն այցելութիւններ տալ՝ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հանդէս եկաւ պարզաբանումով մը։ Այսպէսով, դժբախտաբար, յայտնի կը դառնայ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի գիշերուան ուղերձի հեռարձակման հարցը այս տարի եւս պիտի չկարգաւորուի եւ գործնականօրէն Հանրային հեռուստաընկերութիւնը պիտի չսփռէ այս պատգամը, որուն այնքան հետաքրքրութեամբ կը սպասէ համայն հայութիւնը։
Երուսաղէմի հիմնական երեք քրիստոնեայ առաջնորդները Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ պաշտօնական ընթրիքով մը հիւրընկալուեցան՝ տեղւոյն Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսին կողմէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, օրուան տօնին առթիւ կատարուեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը այս տարի Ս. Ծնունդը կը նշէ՝ իր նոր հոգեւոր առաջնորդի մականին ներքեւ։ Իւրաքանչիւր հասարակութեան տեսակէտէ նոր հոգեւոր առաջնորդ մը ունենալը բացառիկ երջանկութիւն է՝ ինչ որ կը բիւրեղանայ մանաւանդ մեծ տօներու շրջանին։
Երէկ, Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ, Եշիլգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի մականին ներքեւ։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ ժամերգութիւն, որուն նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մատրան մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։