ԲԱՐԵՄԱՂԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին մասնակցեցաւ Ասորի Կաթոլիկ հասարակութեան առաջնորդարանին մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շաբաթավերջին ձեռադրուած վեց նոր հոգեւորականները:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ:
Հռոմի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. Սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացի (Անճելիքում) քահանայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպիչներն էին Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցչութիւնն ու Անճելիքումի Էքիւմենիք հետազօտութիւններու կաճառը։
Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն՝ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին:
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Այս կորուստը ցաւ ստեղծած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ մինչ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս տեղեակ պահած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս օրերուն իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսպէս, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի նորանշանակ պատասխանատու Տամի Պէն Խայիմ երէկ այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։
Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի այցելեց Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը: