ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Յակոբեանը։ Նորանշանակ դեսպանը հայոց վանքէն ներս զրուցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցան Ս. Մինասի տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ տուաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Մինասի, Երմոգինեսի, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատներ Յովհաննէսի եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլզանօ քաղաքի քաղաքապետ Ռենցօ Քարամաչին եւ նոյն երկրի «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի գիտնականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի վերատեսուչ Հեղինէ Պիշարեանի։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնը։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը վերջերս կազմակերպեց աղօթական հսկումներու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այս «կարմիր շաբթուան» ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ յիշեցուեցաւ Արցախն ու տեղահանեալ հայոց տառապանքը, ենթարկուած սպառնալիքները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ պոլսահայ եկեղեցականաց դասու անդամներէն մէկուն աստիճանի բարձրացումը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարդապետական աստիճան շնորհեց Հայր Շնորհք Տօնիկեանին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ, որոնց ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Գեղարդով օրհնեց հաւատացեալները։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները երէկ երեկոյեան համախմբուեցան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադիր սուրբին՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատաութեան տօնը կը նշուի՝ որպէս հիմնադրութեան տարեդարձ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանն ու Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեանը, որոնք քաղաքս կարճատեւ այցելութիւններ տուին՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն։