ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԱՆԱՆԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր երիտասարդ միաբաններէն Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանին, որ վերջին օրերուն ցաւալի ոճիրի մը զոհ գացած էր՝ իր հովուական պաշտօնին գլուխը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Երուսաղէմի հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ էքիւմենիք հանդիսաւոր աղօթք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ խաղաղութեան աղօթք:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որ փութացած էր հայոց Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Քաղաքի մէջ այս տարի եւս մեծ շուքով եւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ Հայ Երուսաղէմի եկեղեցիներու զանգերը վերջին օրերուն դարձեալ տօնական կշռոյթով հնչեցին՝ մինչ գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման մնացած սաղիմահայութիւնը ամրապնդուեցաւ լաւատեսութեան եւ վճռականութեան ճանապարհին։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունին։ Իրեն ուղեկից բազմանդամ պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմը շաբաթավերջին հիւրընկալեց միջեկեղեցական աղօթք մը։ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թեմակալ առաջնորդի տեղապահ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ աղօթք՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Պաքուի մէջ սկսան՝ մանաւանդ Արցախի գերեվարեալ նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնները, որոնք բողոքի լուրջ ալիք մը յառաջացուցին հայկական հանրային կարծիքին մօտ։