Եկեղեցական

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնակատարութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուած 11 նորաօծ հոգեւորականները։

ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը։

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երեսունեւհնգամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցեաց, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի եւ հուսկ՝ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ քաղաքիս եւ երբեմնի անդամուն Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից յամին 2024, յ31ն Յունուարի յաւուրն Չորեքշաբթւոյ, ի ժամու առաւօտեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։

Տ. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու այնքան համակրելի եւ բազմավաստակ անդամներէն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան երէկ վախճանած է՝ մեծ ցաւ յառաջացնելով եկեղեցական շրջանակներէն ներս։

Էջեր