Եկեղեցական

Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան նշանակուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ու քարոզիչ։ Ան փետրուարի 1-ի դրութեամբ ձեռնարկեց իր նոր պաշտօնին՝ հոգեւոր վերին իշխանութեան տնօրինութեան զուգահեռ։

ԼՌՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երկրորդ օրն է:
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Վահրամ Աւագ Քահանայ Մելիքեանի պահքին ընդառաջ՝ «Լռութիւն» խորագիրը կրող գրութիւնը:

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀԻՄՔԵՐԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի առաջին օրն է:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն իւրայատուկ եւ խորհրդաւոր շրջաններէն մէկը՝ Մեծ պահքի շրջանը: Այս տարի Մեծ պահքը կը սկսի 12 փետրուարին եւ կ՚աւարտի 22 մարտին:

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ֆէրիգիւղի մէջ բացառիկ խանդավառութեամբ կը նշուի Վարդանանց տօնը՝ քանի կը զուգադիպի թաղի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

ՊԱԼԱԹՈՒ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։

ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԲԱՆԱԼԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն յիշատակը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն, որոնց մասնակցեցան շուրջ 250 եկեղեցականներ։

Էջեր