ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմօրէն հիւրընկալեց Պոլսոյ Աթոռի պատրիարքական փոխանորդը:
Նորին Սրբութիւնը Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններէն մին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմօրէն հիւրընկալեց Պոլսոյ Աթոռի պատրիարքական փոխանորդը:
Նորին Սրբութիւնը Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններէն մին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն եկեղեցականներ, որոնք երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կացութեան։ Այսպէս, շաբաթավերջին, ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն Քրիս վան Հոլըն տեսակցեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած շաբաթօրեայ դպրոցները ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պետական արտօնագիր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց զեկուցումներու ժողովածու մը, որ կը կոչուի «Սուրբ Էջմիածինը՝ գրքի հանգրուան»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց երիտասարդ ուխտաւորներ:
Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին յորդորեց կեանքի ուղեցոյց դարձնել եկեղեցւոյ գանձարանի անանց արժէքները:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը 2025 թուականին կրնայ այցելել Թուրքիա՝ նշելու համար Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը։ Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. վերջերս տեղեկացուց, որ Սրբազան Քահանայապետը կը փափաքի միասնաբար նշել այս կարեւոր յոբելեանը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի (ՔԴԿ) տարածաշրջանային պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի, որ տնօրէնն է կեդրոնին։