«ՄԱՐԴ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿՐՆԱՅ ՍՏԱՆԱԼ ԱՅՆՔԱՆ՝ ՈՐՔԱՆ ԻՆՔ ԱՆՈՐ ԿՈՒ ՏԱՅ»
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որ միշտ համաքրիստոնէական ուշադրութեան առարկայ է, այս շրջանին յաւելեալ հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ՝ վերանորոգման աշխատանքներու բերումով։ Արդարեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյս գերեզմանին վրայ կառուցուցած հոյակերտ սրբավայրի յատակի նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է տեւական ժամանակէ ի վեր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց կ՚ուղեկցէր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։
Պէշիկթաշի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններով։ Թաղի համանուն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտը արդէն անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մօտալուտ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ Միւռոնօրհնէք։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ այցելեց Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքը։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աշխարհասփիւռ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներու հոգեւոր միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ՝ խաղողօրհնէքի խորհուրդով։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։