ԶՈՒԻՑԵՐԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՎԱՀԷ ԿԱՊՐԱՇ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐԵՑ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ՍՈՒՐԲԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ գործարար ու յայտնի բարերար Վահէ Կապրաշը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մասնակցած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տարեկան Ս. Պատարագին։
Երէկ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան Ս. Պատարագը։ Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մեսրոպ Չոպանեանի։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը եկած է մասնակցելու՝ այս շաբաթավերջի դէպի Աղթամար ուխտագնացութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
2024-2025 շրջանի սկիզբին կրթական մշակներու աւանդական հաւաքը տեղի ունեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս շրջանին մէջ լայնածաւալ պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ս. Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի եւ իւղաբեր կանանց տօնին առթիւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն եւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին յաջորդած յայտարարութեամբ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Սուրբ Երկրի առկայ պատերազմը աւարտի։