ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շքանշաններ շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խումբ մը երախտաշատ աշխարհական սպասաւորներու։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վերստուգիչ յանձնախումբի անդամներէն Խաչատուր Մութաֆեան եւ Լիուտվիկ Հարոյեան պարգեւատրուեցան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։