Ընկերա-մշակութային

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ «ՄԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼԸ»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Բոլորս անպայման ունինք մեր կեանքերուն անփոխարինելի հետք թողած գիրքեր, որոնք երբ նոյնիսկ քանի անգամ կարդանք, անոնք մեր մէջ միշտ առաջին անգամուայ տպաւորութիւնը, զգացումները, հետաքրքրութիւնը դարձեալ կ՚արթնցնեն։ Գրական տեսանկիւնէ «Մատանիներու տիրակալը» բացարձակապէս այն գիրքերէն է, որ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ իւրաքանչիւր մանրամասնութեամբ։

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ՄԵՐ ԹԵՐԹԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔՈՅ (ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ)

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Ես պէտք է որ դրամ գտնեմ, ամսական 30 ոսկի եւ «Նոր կեանքը» հանեմ. ահա գործս: Արփիարը հիմա հոս է ու գիտես որ չէ թէ հինգ ոսկի, հինգ փարա գտնելու կարող չէ:

ԵՐԱԿԸ

ԵՐԱՄ

Արեւային քաղաքին տակ, քաղաքը քաղաք ընող, տարբեր կէտերն անոր իրար շաղկապող ընդուղին է իր կայարաններով։ Երակն է քաղաքին. ոչ միայն շրջագայութեան ապահովման առումով, այլ կեանքի։

ՊԱԼԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ աշխարհի մէկ մասին մէջ մտահոգութիւններ կը տարածուին, որ համաճարակի սկիզբէն աւելի քան մէկ տարի ետք քորոնաժահրը տակաւին կենսունակ է եւ վերջը չ՚երեւիր, աշխարհի ուրիշ հատուածի մը մէջ, աշխոյժ կերպով կը քննարկուին Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքին շուրջ զրոյցները:

ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան շահեկան յօդուածով մը խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ տագնապի վտանգներուն շուրջ եւ առանձնացուց քանի մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց վրայ աշխատանքները պէտք է կեդրոնացուին յառաջիկայ շրջանին, առանց տակաւին երկար յապաղելու:
«Ռազմական գործողութիւններով ստեղծուած կարգավիճակը երբեք հիմք չի կրնար ծառայել տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Ինչպէս 1994-ի պատերազմով ստեղծուած կացութիւնը հիմք չծառայեց յաջորդ 25 տարիներու խաղաղութեան համար, այնպէս ալ այս պատերազմով ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար ամուր խաղաղութեան հիմք ըլլալ գալիք տարիներուն համար։ Հայկական կողմը երբեք յաւակնութիւն չէ ունեցած եւ ապագային ալ պիտի չունենայ տարածքներու համար, որոնք իրենը չեն եղած, բայց նախանձախնդիր ու հետեւողական պիտի ըլլայ տէր կանգնելու ուղղութեամբ այն ամէն ինչին, որ արդարացիօրէն իրեն կը պատկանի»:
«Եթէ շարունակուի այս ներքին յամառութիւնը եւ արտաքին անգործութիւնը, ապա ոչ-հեռու ապագային մեզ կը սպառնայ Արցախի մնացորդ մասի նախիջեւանացում, Սիւնիքի հայաթափում ու նոյնիսկ կորուստ»:

Էջեր