ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ - 1
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գիտէի, որ Աստուած կայ՝ գոյութիւն ունի, քանզի Անոր անունը մեր տունի մէջ շատ կը գործածուէր: Սակայն պատկերացում չունէի, թէ ո՛ւր կը բնակի Տէրը, ինչպէ՛ս կրնամ զինքը ճանչնալ ու սիրել:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գիտէի, որ Աստուած կայ՝ գոյութիւն ունի, քանզի Անոր անունը մեր տունի մէջ շատ կը գործածուէր: Սակայն պատկերացում չունէի, թէ ո՛ւր կը բնակի Տէրը, ինչպէ՛ս կրնամ զինքը ճանչնալ ու սիրել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ անուանի լեզուաբան, բառարանագիր եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի 145-ամեակը: Հիմնուելով լեզուաբանին յուշերուն վրայ, ժամանակին անդրադարձած էինք Պոլսոյ անոր կեանքին եւ գործին մանրամասնութիւններուն, բայց ծանօթ է, որ Հրաչեայ Աճառեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ Փարիզը, ուր ան 1895 թուականին կը մեկնի բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու «Սորպոն»ի համալսարանին մէջ, ուր կ՚աշակերտէ Անթուան Մէյէին, իսկ 1898 թուականին Սթրազպուրկի մէջ՝ Հ. Հիւպշմանին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը՝ մաս կազմելով բնական էքօհամակարգին, կ՚օգտագործէ բնութեան պաշարները. օդէն, ջուրէն, հողէն, կենդանական ու բուսական աշխարհէն եւ իր կեանքի ու գործունէութեան ընթացքին կը ներգործէ այդ էքօհամակարգի վրայ իր թափօններով, մթնոլորտ արտանետումներով ու կեղտաջուրերու արտահոսքերով:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ուսուցչուհի մըն է այս ըսողը, որ կը հպարտանայ իր բացառիկ կարողութիւններով ու, չես գիտեր՝ ինչո՛ւ, կարիքը կը զգայ զանոնք ի լուր աշխարհին յայտնելու: Կը խորհիմ, թէ միթէ հպարտառի՞թ երեւոյթ է սա, թէ՞ հակառակը, այսինքն՝ պարտուողականութեան տիղմին մէջ թաթախուած ըլլալու փայլուն ապացոյց. ո՞ր մէկը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբեք խորհած է՞ք, թէ ինչո՛ւ կը կարօտնանք անցեալը, նոյնիսկ եթէ վատ է:
Անցեալի նկատմամբ կարօտի զգացումը համազօր է կարօտախտի (nostalgia)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պսակ կամ Ամուսնութիւն մեր Եկեղեցւոյ սրբարար խորհուրդներէն հիգերորդն է։ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած խորհուրդ է: Աստուած, երբ Ադամի կողէն Եւան ստեղծեց, անոր հաւանութեամբ. «Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերային հոգեբաններ Ճիմ Սիտանիուսի եւ Ֆելիսիա Փրաթթոյի կողմէ գրի առնուած «Ընկերային գերակայութիւն» (Social Dominance) գիրքին մէջ կայ ուշագրաւ կէտ մը. «Անհատի վրայ հիմնուած դասակարգութիւններու (hierarchy) մէջ անհատները կրնան վայելել մեծ ուժ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն, որոնք շնորհուած են իրենց ֆիզիքական ուժի, առաջնորդութեան, գեղարուեստական, քաղաքական, գիտական տաղանդներու կամ նուաճումներու միջոցաւ»։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանեան մամուլին մէջ, թեր ու դէմ կարծիքներու եւ խծբծանքի նմանող թոհուբոհին մէջ, երբեմն կը յայտնուին մտաւորականներու միտքեր, որոնք եթէ լսուին յաճախ քարացած կամ թմբիրի մատնուած հանրային կարծիքին կողմէ, երկրին մէջ ստեղծուած կիրքի եւ թշնամանքի մթնոլորտը կը փոխուի, կը գերակշռեն իրատեսութիւնը եւ ազգայինը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արդէն տեղեկացուցած էինք, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 175-րդ տարեդարձը: Այս յոբելենական առիթով, բազմաթիւ ձեռնարկներու կարգին, լոյս տեսաւ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ» հատորը, զոր խմբագրած եւ աշխատասիրած է վերապատուելի տքթ. Վահան Յ. Թութիկեան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտէ, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է: Սակայն շատեր եկեղեցի կը շտապեն իրենց փափաքներու իրագործման ետեւէն: