Ընկերա-մշակութային

ՁՄԵՐՈՒՄ

ԵՐԱՄ

Փակ է ամէն ինչ, փակ է ամէն տեղ։
Պարփակ ենք բոլորս, համայնաբար, սգաբեր մշուշի մէջ։ Պատուհաններու ու դռներու ետին քաշուած, ամէն մէկս իր պատեանին մէջ, ձմերումի մէջ ենք։ Համապարփակ լռութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ։

ՄԷԿ ՀՈԳԻՆ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԵԼ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երկրի մը ղեկը ոչինչով կը տարբերի ինքնաշարժի, հանրաշարժի, շոգեկառքի, օդանաւի կամ նաւի ղեկէն: Բոլոր պարագաներուն բարեյաջող ճամբորդութիւնը, թռիչքը կամ վայրէջքը կախեալ է մէկ հոգիէն՝ շարժավարէն, նաւաստիէն կամ օդանաւորդէն:

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ ՇԷՆՔԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տասը տարի առաջ, յունուար ամսուն, Եգիպտոսի կառավարութիւնը երկրին մէջ ժամանակաւորապէս արգելափակեց հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ծառայութիւններն ու համացանցը, այդպիսով դարձաւ առաջին երկիրը, որ ժամանակաւորապէս արգելափակած է համացանցը ամբողջութեամբ:

ՍՏՈՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹԸ՝ ԸՍՏ ԱԼՖՐԷՏ ԱՏԼԷՐԻ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ալֆրէտ Ատլէր յայտնի հոգեբան մըն է, որ ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացումը կը դիտարկէ՝ որպէս անձի զարգացման մէջ հիմնաքարային դերակատար։ Ան կը պնդէ, թէ մարդ կը ձգտի կատարելութեան, քանի որ մարդիկ միշտ կը ձգտին հասնիլ անձնական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող նպատակներու։

«THE RAVEN»

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Թերեւս ոմանք տարակարծիք գտնուին ինծի՝ ըսելով, թէ անծանօթ բանաստեղծ մը նախ իր ինքնագիր գործերով կը ծանօթացնեն ընթերցողներուն ու ոչ թէ այլ լեզուներէ կատարած թարգմանութիւններով կամ փոխադրումներով: Որոշ չափով համամիտ եմ:

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԱՍՏՂԸ*

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

Մինչ արեգակը կը բարձրանայ այսօր մեր աշխարհի երկնակամարին վրայ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներս խնդամիտ ցնծութեամբ կը տօնենք անդրերկնային հորիզոններէն դէպի մեզի խոնարհած, մարդկային մեր կեանքերուն վրայ բացուած աստուածածագ Արեւին՝ Արդարութեան Արեգակին գերահրաշ Ծնունդը եւ Սուրբ Մկրտութիւնը:

ՍՊԱՍՈՒՄ

ԵՐԱՄ

Առտուն կ՚արթննայ ուշ, ինչպէս միշտ այս վերջերս։ Բաժակ մը տաք թէյ կը խմէ, քանի մը կտոր չոր հացով պանիրը կ՚ուտէ, օրհնութիւնը կու տայ կնոջ ու ձեռքերուն անոր, եւ դուրս գալու ժամն է արդէն։

Էջեր