ՎԱՐԴԵՆԻՆ, ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԶԱՊԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
64 տարի առաջ այս օրը՝ յունուարի 26-ին, Անգլիոյ Սիֆըրտ բնակավայրին մէջ կեանքէն հեռացաւ արեւմտահայ մտաւորականութեան կին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ նկարիչ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, հասարակական-մշակութային գործիչ, դերասան Զապէլ Պոյաճեան՝ իր ետին ձգելով հարուստ եւ նշանակալի կենսագրութիւն մը: