ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՆԿՈՏՐՈՒՆ ԿԱՄՔՆ ՈՒ ՈԳԻՆ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Յակոբիկ, երբ մեծնաս ի՞նչ պիտի դառնաս:
-Զոհուած ազատամարտիկ,- հպարտութեամբ ու զիլ ձայնով մը պատասխանեց փոքրիկ Յակոբիկ, առանց հասկնալու իր խօսքերուն իմաստը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Յակոբիկ, երբ մեծնաս ի՞նչ պիտի դառնաս:
-Զոհուած ազատամարտիկ,- հպարտութեամբ ու զիլ ձայնով մը պատասխանեց փոքրիկ Յակոբիկ, առանց հասկնալու իր խօսքերուն իմաստը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական ծագումով պետական եւ ռազմական գործիչ Փոլ Իկնէյշըս այս տարի կը դառնայ 100 տարեկան: Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր պետական պաշտօնը երբեւէ զբաղեցուցած հայն է:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջերս միջազգային զանազան աղբիւրներու մէջ հաղորդուած է, որ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով սահմանուած մեկուսացման պայմաններու ներքեւ աճ արձանագրած են կիներու դէմ բռնութեան դէպքերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախակի առիթներով կարդացած էի Հայ Եկեղեցւոյ վերջին 150-ամեակի ամենէն նշանաւոր դէմքերէն՝ լուսահոգի Տէր Կարապետ Եպիսկոպոս Մկրտչեանի գրութիւնները մամուլէն: Վերջերս ալ, ի շարս անցեալին կարգ մը կարդացած գրութիւններու, նոր գրութիւններ ալ կարդացի՝ հաւաքուած հատորի մը՝ «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» մէջ:
ԵՐԱՄ
Իր մանկութեան զառիվարը կ՚իջնէր Նորան։
Ցից, ամբողջ օրը երկկողմանի ծառաշարքի օգնութեամբ գրեթէ լիակատար շուքի տակ, դիմացը քաղաքի տեսարանը բացող զառիվարը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
21-րդ դարուն, երբ քաղաքաշինութիւնը հասած է բարձրագոյն մակարդակի, կը բարելաւուին ժամանակակից քաղաքներուն տեսքը եւ նորեր ի յայտ կու գան, անդին գոյութիւն ունին լքուած քաղաքներ, որոնք ժամանակին եղած են շէն ու մարդաբնակ, իսկ այսօր դատարկ են ու լքուած: Զանազան պատճառներով կը լքուին քաղաքները: Հիմնական պատճառը անշուշտ, ապրելու պայմաններուն բացակայութիւնն է, բայց կան նաեւ պատերազմներու, բնաջնջումներու, աղէտներու, տնտեսական անկումի պատճառով քաղաքը լքելու պարագաներ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պտղաշատ էր մեր այգին: Տեսակ-տեսակ խնձորենիներ, տանձենիներ, սեւ ու սպիտակ թթենիներ, վիթխարի թզենի, հրապոյր բալենի մը, որ ամէն ամառ կը զարդարուէր իր անմահական պտուղներով. պնդուկի, արքայանարինջի, զկեռի ու հոնի ծառեր: Չմոռնամ նշել ազնուամորիի ու երկու-երեք տեսակ խաղողի թուփերը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
--Բարեւ, ես եմ:
-Դուն ո՞վ ես:
-Երազկոտը...
Գիրքերու աշխարհով գինովցաց փոքրիկ աղջնակը այլեւս կը դժուարանար զանազանել դառն իրականութիւնը երեւակայականէն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, վերջերս ստացանք հետաքրքրական տեսանիւթ մը, ուր մեզի ծանօթ ու անծանօթ դէմքեր, անսովոր արարողութեան մը կը մասնակցէին՝ անապակ բնութեան գիրկը, անվրդով հոսող գետակի մը քով, կանաչ ու կուսական անտառին մէջ:
Ծանօթ դէմքերը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանն ու դիւանապետ տիար Լեւոն Իսախանեանն էին, որոնց շուրջը կը դառնային անծանօթ մարդիկ՝ բարակ հիւսուած մազերով, ցորնագոյն մորթով տղամարդիկ, երկար փէշերով կիներ, արեւավառ երեսներով երեխաներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի վրայ բազմաթիւներ ունին բնածին ձիրքեր, ունակութիւններ. ինչպէս՝ երգել, պարել, գրել, նուագել… Տաղանդաւոր մարդը կը ստեղծագործէ արդիւնաւէտօրէն եւ իր կատարած գործին մէջ առաւել արագ կը վարպետանայ։