ՀԱՅ-ՔՐԻԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, վերջերս ստացանք հետաքրքրական տեսանիւթ մը, ուր մեզի ծանօթ ու անծանօթ դէմքեր, անսովոր արարողութեան մը կը մասնակցէին՝ անապակ բնութեան գիրկը, անվրդով հոսող գետակի մը քով, կանաչ ու կուսական անտառին մէջ:
Ծանօթ դէմքերը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանն ու դիւանապետ տիար Լեւոն Իսախանեանն էին, որոնց շուրջը կը դառնային անծանօթ մարդիկ՝ բարակ հիւսուած մազերով, ցորնագոյն մորթով տղամարդիկ, երկար փէշերով կիներ, արեւավառ երեսներով երեխաներ: