ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (30)
ԵՐԱՄ
Այդպէս թարմացած, դէմքին յայտնուած արեւը իբր նուէր ընդունած, դուրս եկաւ Նորան իրենց բակէն, սկսաւ քալել Սարեան փողոցի մայթով։ Զանայի հետ ժամադրուած էին ժամը չորսին, Մաշտոցի պուրակին մէջ։ Ձեռքը տարաւ ետեւ, մէջքէն կախուած թեթեւ պայուսակին. շօշափեց զայն, ստուգեց` տետրը առե՞ր էր. առեր էր։