«ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑ»
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տասնամեակներ շարունակ իր կախարդիչ գաղափարները, երեւակայութիւնը եւ գրական հմտութիւնը համադրելով՝ հիասքանչ գործեր ստորագրած Սթեֆըն Քինկի գլուխ գործոցներէն մին կը համարուի «Ընտանի կենդանիներու գերեզմաննոց»ը, որ լոյս տեսած է 1983 թուականին։