ԱՐՓԵՆԻԿ-ԻԶԱՊԵԼԼԱ. «ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ»
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը կը կրէ Արփենիկ-Իզապելլա խորագիրը: 20-րդ դարու հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի երկու կիներն են Արփենիկն ու Իզապելլան, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին երբեք չեն հանդիպած եւ ահաւասիկ, երկուքին մահէն երկար տարիներ ետք, այսպիսի յուզիչ «հանդիպում» մը կազմակերպուած է իրերու, լուսանկարներու, յուշերու տեսքով: