«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգերորդ պատուիրանը կը հրամայէ կատարել այն պարտաւորութիւնները, որոնք որդիները ունին իրենց հայրերուն եւ մայրերուն նկատմամբ: Այս խօսքերուն մէջ՝ «պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկայն ըլլան», կ՚ամփոփուին բոլոր պարտաւորութիւնները՝ հօր, մօր եւ բոլոր մարդոց նկատմամբ, որոնք ծնողներու պէս են: