ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն աճած է սփիւռքահայերուն թիւը Հայաստանի մէջ, յատկապէս անոնց, որոնք հողամասեր կը գնեն ու տարիներու ընթացքին կը յարդարեն, կը կահաւորեն ու բնակելի առանձնատան մը տեսքը կու տան իրենց կալուածներուն, ուր կ՚անցընեն ամառնային արձակուրդները եւ խնջոյքներ, հաւաքներ կը կազմակերպեն իրենց բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն հետ: