ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԿԱՄ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ նաեւ՝ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են եւ տարուէ տարի կ՚ընդարձակին: Հետեւելով այս տօնին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալուն՝ այս տարի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը սկիզբ դրած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ:
Երէկ, Երեւանի մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիկ համալսարանի եւ «Շնայտըր էլէքթրիկ» աշխարհահռչակ ընկերութեան միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս համաձայնութեան նպատակն է՝ կրթական, գիտական եւ նորարարութեան ներուժի համարկման հիման վրայ երկու կողմերուն միջեւ հաստատել ու զարգացնել երկարաժամկէտ համագործակցութիւն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնէն լոյս տեսաւ «Տօնապատճառ» ժողովածոյի (Վարդան Հաղբատեցիի, Վարդան Արեւելցիի եւ Յովհաննէս Գանձակեցիի խմբագրումները) առաջին մասը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակուած գիրքի մեկենասն է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» մարդուժի զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը վերաբերի «Մշակութային կանգառ» ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն նախագիծը կ՚ենթադրէ ներկայ տարուան տեւողութեան երկրի զանազան մարզերէն ներս 426 մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը։
Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հայ անուանի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Յունուարի 27-ին դարձաւ 78 տարեկան:
Ռուսահայ գործարարը Forbes-ի «Կալուածներու թագաւորներու» ցուցակին վրայ երրորդ: