ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ ընթացքի մէջ է «Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտութեան մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնին ծրագիրը։ Օփերայի համալիրէն ներս նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիսաւոր համերգէն վերջ, երէկ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի յարկէն ներս սկսան գիտաժողովի աշխատանքները։