«ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՇԻՇԼԻԻ «ՔԵՆԹ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
«Մարալ» երգի-պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան համագործակցութեամբ։
«Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ մեներգչուհի Արծուիկ Յարութիւնեան, որ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ եւ ընդգծեց, թէ պիտի ջանայ ընել լաւագոյնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թոփհանէի Tütün Deposu-ի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «102 քայլ» խորագրեալ համերգ մը, որ ձօնուած էր հայոց Մեծ եղեռնի 102-րդ տարելիցին։ Երաժշտասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ, որ կազմակերպուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ