ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ Է…
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան փոխ-նախագահը Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ խորհրդածելով այժմէական զանազան նիւթերու շուրջ:
Յովսէփ Նալպանտեան. «Ո՞րն է ոգիով հայը, ուրեմն բոլորս օտար լեզուներով խօսելով հայ պիտի մնանք, լեզուն ի՞նչ մեղք ունի»:
Շիշլիի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթը։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան գե-ղարուեստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը երէկ փայլուն արարողութիւններով նշուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառ։
Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Զ. դարու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը նախատեսուած է աւարտել Հոկտեմբերի 5-ին: Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Օձունի հոգեւոր հովիւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան նշեց, որ աշխատանքները պատշաճ կարգով եւ որակեալ կ՚իրականացուին:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներկայացնել Երերոյքի տաճարը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանը լոյս ընծայեցին «Ոսկանեան Աստուածաշնչի Պատկերները» գիրքը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւնով մը պատուեց յայտնի մտաւորական Երուանդ Պարէտ Մանոքը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ