«Ցաւը Ինչպէ՞ս Կրնաս Մոռնալ…»
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր աշխատանքային ճամբորդութեան եւ ոչ հայկական հանդիպում-ժողովներուս եւ ելոյթներուս ընթացքին միշտ ալ հետամուտ կ՚ըլլամ ներկայացնելու, գէթ համառօտ, իմ՝ հայուս պատմութիւնը: Պէտք չէ երբեք ակնկալել, որ ամբողջ աշխարհ գիտնայ մեր պատմութիւնը:
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ «Երեւանի Պետական համալսարան (95-ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ հրապարակագիր ու գրականագէտ Պարոյր Աղպաշեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վերջին օրերուն ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար կազմակերպուեցաւ Ս. Զատկի խրախճանք մը։ Հոգաբարձութեան անդամներէն Կարպիս Փոլատի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուեցան ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։ Կարպիս Փոլատ զատկուան կարմիր հաւկիթներ յանձնեց ԶԻՊԷՉ-ի աշակերտներուն, որոնք հաճելի ժամանց ունեցան իրենց պատասխանատուներուն ներկայութեան։
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ պահքի սեղան մը սարքեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան եւ իր հովանիին ներքեւ գործող «Մարալ» համոյթին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Յաւերժութիւն» մրցոյթին աւարտականը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս տարի երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի միջվարժարանային այս պարի մրցոյթը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը պանծացուց անմահ երգիծաբանին յիշատակը, մահուան 125-րդ տարելիցին առթիւ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը։ Այսպէս, գրասէրներուն ծանօթացուեցաւ «Կանայք միշտ կային. Թուրքիոյ ձախէն կանանց դիմանկարներ» անուն գիրքը, որ լոյս տեսած է «Տիփնոթ» հրատարակչատունէն։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Ֆերեալ Սայկըլըկիլ, որ Շաբաթ օրուան գինեձօնի հաւաքոյթին հաղորդավարն էր միեւնոյն ժամանակ։