ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տօնախմբուեցաւ մեր համայնքի վերջին շրջանի կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկուն փայլուն արդիւնքը:
«Հայճար»ի հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ արդար հպարտութեամբ եւ մեր ժառանգութեան նկատմամբ գիտակցութեան շեշտադրումով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս մը՝ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Սիւհէյլ Ույկուրի հետ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին յայտնի արուեստագէտը անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրուցեց ներկաներուն հետ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկացի ատաղձագործ Ճոյի Մէյըրս ստեղծած է երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը, որ տեղադրուած է Միացեալ Նահանգներու Արքանսաս նահանգի համալսարաններէն մէկուն մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Բաժակի օրուան աւանդական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ ապրեցան զիրար վերագտնելու հրճուանքը։ Ճաշի սեղաններուն շուրջ անոնք հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, վերյիշեցին իրենց աշակերտութեան տարիները, նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան թարմ տեղեկութիւններ քաղելու դպրոցի ներկայ վիճակին շուրջ։
Երէկ երեկոյեան Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատի «Քուրթուլուշ չոք տեղիշթի» գիրքին շնորհանդէսը։ Սա հեղինակի երրորդ գիրքն է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ