ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀՈԼԻՎՈՒՏԵԱՆ ԱՍՏՂԸ
Հոլիվուտի մէջ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած պատուոյ աստղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Daily Mail-ի կողմէ այս մասին հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրանսացի երգող առասպել Շարլ Ազնաւուրին՝ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկուն, որ կը շարունակէ աշխոյժ մնալ 92 տարեկանին, Հոկտեմբերի 27-ին պատուեցին հոլիվուտեան աստղով, որ ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ հայոց կողմէ»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու համանուն վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն։ Անոնք փութացած էին մեզ հրաւիրելու համար յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկի մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր պիտի ունենայ իր պատուոյ աստղը՝ Հոլիվուտի «Փառքի ծառուղի»ին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Զօրլու» կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ շաբաթավերջին երաժշտասէրները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն:
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ երաժշտական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ՝ իր վախճանման 81-րդ տարելիցի շրջանին։ 4. Լեւենտի «Karanlık İşler» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու գլխաւոր կազմակերպիչներն էին՝ մեներգիչ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ հիւրընկալ կեդրոնի սեփականատէր Նուրի Քայա։
«Հայոց պետականութիւնը՝ միասնականութեան առանցք» խորագրեալ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը, որ երէկ սկսաւ Երեւանի մէջ, այս շաբաթավերջին կը շարունակէ իր ծաւալուն աշխատանքը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցան համաժողովի առաջին օրուան նիստերը։ Այսօր եւս անոնք կ՚ընթանան նոյն վայրին մէջ։ Իսկ շաբաթավերջին համագումարի աշխատանքը կ՚ընթանայ Արցախի մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է հայկական սփիւռքի խորհրդանշական դէմքերէն մին՝ Շամիրամ Սեւակ։ 102 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Շամիրամ Սեւակ դուստրն էր նահատակ մտաւորական Ռուբէն Սեւակի։