«ՏՈՒՏՈՒԿ ԱՆԱՏՈԼԻԱ» ՀԱՄԵՐԳԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Տուտուկ Անատոլիա» համերգը երէկ իրիկուն կայացաւ Թաքսիմի «60m2» կոչուած սրահին մէջ։ Անուանի տուտուկահար Սուրէն Ասատրեանի կողքին բեմ առին հարուածային գործիքներու սիրուած անուններէն Հերման Արթուչ, դասական կիթառի տաղանդաւոր դէմքերէն Ռոնի Առան Ատըպելլի եւ ճազային կիթառի մասնագէտ Ճէմ Նասուհօղլու։

 Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարանը արդէն առարկայ կը դառնայ գեղարուեստասէրներու եւ ստեղծագործական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Թէեւ տակաւին շատ կարճ ժամանակ անցած է այս թանգարանի պաշտօնական բացումէն ի վեր, սակայն այնտեղ ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։