ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՅԱՋՈՂ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐԸ

Աշխարհահռչակ ֆրանսացի դաշնակահար Ռիշար Քլայտէրման այսօր համերգով մը հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը։ Վաղը եւս Քլայտէրման գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ երկրորդ համերգով մը։


«Այրընթը» հրատարակչութիւնը «Ընդյատակեայ գրականութիւն» մատենաշարով հրատարակեց Հայաստանի գրականութեան երիտասարդ ու նոր հեղինակներէն Յովհաննէս Թէքկէօզեանի «Փախչող քաղաքը» (Kaçan Şehir) վէպը։ Այս ստեղծագործութիւնը շարժապատկերի վերացական պատում մըն է, ուր միահիւսուած են խորհրդաւորն ու քաղաքային կերպարները, պատկերելին ու ծիծաղելիի նուրբ անցումները։ Հերոսներու իւրօրինակ վարքագիծերը կը բացայայտուին հոգեբանական հարցազրոյցներու, շարժարուեստի հնարքներու, դիցաբանական պատումի եւ բջջային պատգամներու միջոցով

Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարանը արդէն առարկայ կը դառնայ գեղարուեստասէրներու եւ ստեղծագործական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Թէեւ տակաւին շատ կարճ ժամանակ անցած է այս թանգարանի պաշտօնական բացումէն ի վեր, սակայն այնտեղ ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։