Ընկերա-մշակութային

ԱՅԴՊԻՍԻ ՇՈՔՈԼԱ ԴԵՌ ՉԵՄ ԿԵՐԱԾ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երբ առաջին անգամ հայրենիք այցելեցի 1976-ի օգոստոսին՝ Արտեկ Պիոներական ճամբար, Մասիսէն ու Էջմիածնէն ետք, Զուարթնոցէն ու Գառնի-Գեղարդէն ետք, այնպէս կը յուզուէի, երբ որեւէ տեղ հայերէն գրութիւն տեսնէի։ Աս է հայրենիքը կ՚ըսէի, ճամբան երբ քալես հայերէն պիտի լսես, ուր դառնաս հայերէն պիտի կարդաս։

ՊԱՏԻԺ՝ ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մեր տան դարձդարձիկ աստիճաններէն երբ իջնենք՝ առաջինը Սաթոյին եւ Մարիամին սենեակն էր, յետոյ հօրաքրոջս տունը եւ անոր կողքին պզտիկ խոհանոցով սենեակի մը մէջ տիկին Զարուհին կ՚ապրէր իր աղջկան՝ Արշալոյսին հետ։

ՄԵՆՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱ՞Ծ ԵՆՔ ՄԱՅՐ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ԿԱՊԵՐԸ

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ կարծելով, թէ ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ կը պահեն, խուժած են քաղաքներ՝ հեռանալով իրենց բնօրրաններէն եւ մանաւանդ՝ ներկայիս համարկուելով արդի արհեստագիտութեան: Այս ձեւով մենք կարծէք, թէ կորսնցուցած ենք մայր բնութեան հետ մեր կապերը, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են որպէս գունագեղ անհատներ գոյատեւելու համար:

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՍԱՆՈՂ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ:

ԲՈՂԲՈՋ Է, ԲՈՂԲՈ՜Ջ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, մէկը դպրոցէն, միւսը՝ գործէն, տարբեր ժամերու տուն կը հասնէինք, բայց կիրակի օրերը անպայման քիչ մը ուշ, քիչ մը կանուխ իրարու կը սպասէինք, ընտանիքով ճաշի նստիլը պարտադիր էր։ Շատ յաճախ հօրաքրոջս ընտանիքն ալ կը միանար…

Ո՞ՐՆ Է ՃԻՇԴԸ. ԲԱՐԻ՞ ԸԼԼԱԼ, ԹԷ ՉԱՐ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդիկ՝ «Homo sapiens»ը կենդանիներու մէջ թէ՛ ամենադաժանն է եւ թէ ամենագթասիրտը։ Բացի դաժան, անգութ, եսասէր ու անբարոյ ըլլալէ, ան միեւնոյն ժամանակ գթասիրտ է, բարի, պարտաճանաչ եւ օգտակար․․․

ԶՕՀՐԱՊ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ անուանի գրող, հայ գրականութեան «նորավէպի իշխան», մեծահռչակ խորհրդարանական, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարեգործ Գրիգոր Զօհրապ գրած է բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր, ակնարկներ, վէպեր եւ այլ տեսակի գրութիւններ։

ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք մտածումներ ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանէն:
1908-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Սերոբեանին «Հովիւին խրատները ուղղուած է Ատանայի եւ ամբողջ թեմական ժողովուրդին» գիրքը:

ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իրադարձութեան մը տարինե՜ր ետք հեքիաթի վերածումը… Երբ դէպք մը դարձեալ պատմուի, ձեւով մը «սիմիւլասիոն» կը ստեղծուի այդ իրադարձութեան ուրիշներու փոխանցման համար, ինչ որ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան ենթարկուելով կը վերաձեւաւորուի։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՎՇՏԱՑՈՒՑԻՐ ԶԻՍ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Այսօր դարձեալ մեծ հաճոյքով մտած էի մօրս դարակը եւ թուղթերը կը խառնէի։ Անսպառ  հետաքրքրական նիւթեր կան հօրս եւ մօրս դարակներուն մէջ, նամակներ, յօդուածներ, դասախօսութիւններ։ Ամբողջ անցեալ մը, հարուստ կեանք մըն է այդ դարակներուն մէջ… Այս անգամ մեծ հօրս մահուան առիթով՝ Մուրատ Մանուկեանին գրած սրտի խօսքն է, որ պիտի ներկայացնեմ։

Էջեր