ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ - ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնը նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդող շջանը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով: