ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ (1840-1909)
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թովմաս Թէրզեան ծնած է 21 հոկտեմբեր 1840-ին, Կոստանդնուպոլիս: Մայրը իտալացի եղած է, իսկ հայրը՝ յունախօս իզմիրցի, հայ կաթոլիկ:
Հայ բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ եւ ուսուցիչ: Տասը տարեկանին ընդունուած է Բերայի Մխիթարեաններուն վարժարանը, ուր մէկ տարի ուսանելէ ետք, ղրկուած է Վենետիկ, Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան, ուր հմտացած է գրաբար, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ հին յունարէն լեզուններու մէջ: