ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄԸ
Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին որոշ ժամանակ առաջ նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր։ Ուստի, այսօր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ձեռամբ, կը կատարուի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Թէ՛ հաստատութեան պատմական առաքելութիւնը եւ թէ արդի տարեգրութեանց մէջ ապահոված ձեռքբերումները կը բիւրեղացնեն այս յոբելեանին նշանակութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց կազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սիլվա Ալաչամի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Արեգ Գույումճեանի։ Այս վերջինը եղած էր ակումբի նախկին մարզիկներէն, վարչայիններէն եւ ամբողջ կեանքին տեւողութեամբ ներգրաւուած էր մարզական գործունէութեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նշուեցաւ «Բարեկամ» խմբակի հիմնադրութեան չորրորդ տարեդարձը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ քահանայ հայրեր։
Ամանորի ընդառաջ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած քէրմէսը համայնքային կեանքէն ներս արժանացաւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի։ Ծնողաց միութեան այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Սեբաստահայոց միութեան երդիքին տակ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պատրիարքարանի տնտեսական յանձնախումբի անդամները։ Հարկ է նշել, որ յանձնախումբի կազմը վերջերս համալրուած է։
Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան երէկ երախտագիտութեան տուրք մատուցեց՝ բարեյիշատակ մարզական գործիչ լուսահոգի Նազար Հանչէրի նկատմամբ։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս հրատարակած է «Համառօտ բառարան»ը, որ պատրաստուած է Իւղաբեր Պոյաճեանի կողմէ։ Գիրքին մեկենասն է Շնորհիկ Զօրվարեան, որ զայն ձօնած է իր սիրեցեալ հոգելոյս ամուսնոյն՝ ճարտարագէտ Խաչատուր Զօրվարեանին։