ԲԱՐԻ ԵՐԹ UNUFAK-ԻՆ
Ողջունելի ձեռքբերում. Ռոպէր Քոփթաշ ընթերցասէրներու դատին կը յանձնէ իր անդրանիկ վէպը:
«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած գործին մէջ հեղինակը կ՚արտայայտէ բազմաշերտ ու բարդ զգացումներ՝ կեդրոնանալով 20-րդ դարու իրադարձութիւններու ստուերին տակ ընտանիքի մը սերունդէ սերունդ կրած ապրումներուն վրայ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըրի ցուցահանդէսը։ Սեպտեմբերի 25-ին պիտի սկսի ձեռնարկը, որ կոչուած է՝ «Պատկերէն անդին»։
Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ մասնակցեցան քաղաքապետարանի հանդիպման։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որ Լոս Անճելըսէն է եւ այս ամրան շրջանը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի արժէքաւոր սպասաւորներէն է տիրացու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որուն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Էսաեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբը դրուեցաւ՝ ընտանեկան մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։ Վերամուտի եռուզեռը զգալի էր ամէնուրեք։ Մինչ տղաքը ամրան արձակուրդէն վերջ զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը կ՚ապրէին, կրթական մշակներն ու դպրոցի միւս պատասխանատուներն ալ աշխատանքային նոր շրջանին ընդառաջ համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցը այս տարի 151-րդ անգամ բացած է իր դռները։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս վերամուտը դիմաւորեց՝ հաստատութեան վանահօր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ։ 2024-2025 տարեշրջանի մեկնարկին ձօնուած հանդէսը համախմբեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուներն ու սաները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ հնչեց 2024-2025 կրթական շրջանի առաջին զանգը։
2024-2025 կրթական շրջանը Գալֆաեան տան մէջ սկսաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Վարժարանի աշակերտութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլոր պատասխանատուներու, նաեւ ծնողներու եւ հիւրերու կողմէ։