Թրքահայ կեանք

DUYURU

Türkiye Ermenileri Patrikliği Ruhani Meclisi’nin aldığı kararla kurulan karma komisyon 11 Şubat 2025, Salı günü saat 17.00’de Sayın Garo Kaprielyan’ın iddialarıhakkında görüşmek üzere Patrikhane’de toplandı. Toplantıya Patrik Vekili Kıdemli Peder Krikor Damadyan, Ruhani Meclis Başkanı Kıdemli Peder Zaven Bıçakçyan, Lusararabed Kıdemli Peder Drtad Uzunyan, Patrikhane Mali Komisyonu üyeleri Vartevar Cavak ve Arman Çiçekoğlu ve ERVAB Mali Komisyon üyesi Mıgırdiç Kaya katıldılar.

ԱՔՍԵԼ ՊԵՇԻՐԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ, Աթագիւղի մարզասրահին մէջ կազմակերպուած Իսթանպուլի փոքրերու առաջնութեան ծիրէն ներս, Շիշլի մարզակումբէն Աքսել Պեշիրեան հասաւ ծափահարելի յաջողութեան մը։

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Մխճեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ այս եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ՝ որպէս թաղային խորհուրդի ատենապետ նշուած է Միսաք Կիւլլիւքի անունը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն խումբ մը ներկայացուցիչներ։

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտներէն Ռոպին Քարապուլութ, Էլիֆ Քոչաք եւ Սեսիլիա Մենթեշէ անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցան «Հիսար» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած՝ JMUN-ի համաժողովին։

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ՝ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս արդէն սկսած է տիրել տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու սկիզբը բնորոշուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագով, զոր մատոյց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկառելի Կրօնական ժողովը 7 փետրուար 2025 թուականի նիստին նկատի ունեցաւ İtimat Bürosu-ի մասին վերջերս համացանցի վրայ տեղ գտած՝ Տիար Կարօ Գաբրիէլեանի պնդումները եւ ընդառաջեց Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեանի գրաւոր դիմումին, որով կը խնդրուէր նիւթին քննարկումը։

Էջեր